2012-04-26 12:36:04

Ս. Պատարագ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Բակին Մէջ։ (Պէյրութ)


Հայոց Ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով երեքշաբթի, 24 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի բակին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ` հանդիսապետութեամբ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքին: Երգեցողութիւնը կատարեց «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը` ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի:
Օրուան պատգամախօսն էր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Ան նկատել տուաւ, որ 97 տարիներ առաջ Երիտասարդ թուրքերու ՝՝միութիւն եւ յառաջդիմութիւն՝՝ կուսակցութիւնը ու թրքական կառավարութեան ղեկավարները անհրաժեշտ գտան բնաջնջել համայն հայութիւնը եւ արմատախիլ ընել Հայաստան հասկացողութիւնը:

Ան անդրադարձաւ Թուրքիոյ գործած վայրագ արարքներուն` աւելցնելով, որ այդ անմարդկային երեւոյթը 97 տարիներ ետք մեզի առիթ կ՛ընծայէ խղճի արդար քննութիւն մը կատարելու` ի յայտ բերելով վերլուծական 3 տարբեր խորագիրներ. ա) Հայ դատը պաշտպանել կը նշանակէ աւետարանել. պատգամախօս վարդապետը բացատրեց, որ մեր դատը պաշտպանելով մարդկութեան սորվեցուցած կ՛ըլլանք արդարութիւն, հաւատարմութիւն, միասնակամութիւն եւ սէր` ազգին, հայրենիքին եւ կրօնին նկատմամբ` աւելցնելով, որ պահանջատիրութիւնը հիմնուած է աւետարանի հոգիին վրայ: Բ) Հայ դատը պաշտպանել կը նշանակէ ամրապնդել Հայաստան – սփիւռք համագործակցութիւնը: Ան ընդգծեց, որ սփիւռքը կը մնայ կամուրջը Հայաստանի, միջազգային հանրութեան եւ տարբեր պետութիւններու միջեւ, աւելցնելով, որ այս համագործակցութիւնը պէտք է նպաստէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հոլովոյթին: Ան հաստատեց, որ Հայ դատը մեր գոյատեւման հիմքն է: Գ) Հայ դատը պաշտպանել կը նշանակէ ուղղուիլ դէպի նահատակ ժողովուրդի մը երազած գարունը: Ան նկատել տուաւ, որ Հայ դատը հետապնդելը դրական տուեալ մըն է խոստմնալից ապագայի մը համար: Եզրափակելով իր խօսքը` Սեպուհ վրդ. Կարապետեան մաղթեց, որ մօտ ապագային Հայոց ցեղասպանութիւնը իր արդար վճիռը ստանայ եւ ամբողջ հայ ազգը համախմբուի մէկ հողի վրայ եւ մէկ դրօշի տակ:

Սուրբ Պատարագի աւարտին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նուիրուած Յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն եւ Ծաղկեպսակներու զետեղում:








All the contents on this site are copyrighted ©.